ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՀԵՌԱՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, այս օրերուն կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ, գլխաւորելու համար Գերմանիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան սկզբնական գործընթացին։
Գերմանիոյ Առաջնորդարանի Դիւանի հաղորդագրութեան համաձայն Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 9 Յունուար 2018 թուակիր նամակով ընդունած է Գերմանիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի հրաժարականը եւ տուած է Հայրապետական իր օրհնութիւնը` ընտրելու Գերմանիոյ Հայոց Թեմի համար Առաջնորդական Տեղապահ մը:
Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդը, Տեղապահ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, 12 Յունուար 2018-ին գումարած է արտահերթ ժողով։ Թեմական Կանոնադրութեան համաձայն, գաղտնի քուէարկութեամբ կատարուած է Առաջնորդական Տեղապահի ընտրութիւն եւ միաձայնութեամբ ընտրուած է Հոգշ. Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան։
Թեմական Խորհուրդը իր 14 Յունուար 2018 թուակիր նամակով ընտրութեան արդիւնքը հաղորդած է Վեհափառ Հայրապետին, խնդրելով Նորին Սրբութեան` վաւերացումը, ինչպէս նաեւ Հայրապետական Օրհնութիւնը։
Գարեգին Սրբազան Հայրը՝ որպէս Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Տեղապահ պաշտօնի կոչուելէն յետոյ, գործնականապէս հեռացած՝ Առաջնորդական պաշտօնէն։ Իսկ, նիստերէ յետոյ Նորին Սրբազնութիւնը այլեւս պաշտօնապէս հեռացած եղաւ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդութեան պաշտօնէն։
ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՍԱՆ
İSTANBUL BÜYÜKŞEHİR BELEDİYESİ’NİN YARDIM KARTLARI PATRİKHANE’YE ULAŞTI (TR⇓)
Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։
Ինչպէս ծանօթ է, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ Եաւուզ Սալթըք, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր եւ Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներու հետ, 10 Մարտ 2021, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցած էր։ Հանդիպման ընթացքին, Եաւուզ Սալթըք, Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի գործունէութեան մասին լսելով, յայտնած էր թէ՝ Մայր Քաղաքապետութիւնը եւս կրնայ օժանդակել Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբին։
Պատրիարքարան հասած օժանդակութեան ծրարներուն մէջ, կը գտնուին Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի նամակը եւ երկու հատ «ՇՈՔ նուէրի տոմս», որոնց իւրաքանչիւրը կ՚արժէ 50 Լիրա։ Յարգելի Քաղաքապետի գրութեան մէջ յատկանշական է հետեւեալ բարեմաղթութիւնը. «այս դժուարին օրերը միասնաբար պիտի յաղթահարենք, միասնաբար պիտի յաջողինք»։ Պատրիարքարան հասած տոմսերը, Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբին եւ Եկեղեցեաց Աղքատախնամ մարմիններու համագործակցութեամբ յաջորդ շաբաթ պիտի յանձնուին կարիքաւոր ընտանիքներուն, պատրաստուած պարէնի տուփերու առընթեր։ Այս առումով, Մայր Քաղաքապետութենէն հասած այս օժանդակութիւնը, Պատրիարքական Աթոռոյ ձեռամբ պիտի յանձնուի համայնքիս կարիքաւոր անդամներուն։
Բաց աստի, Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեցին Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ Եաւուզ Սալթըքի։
-----------------
İstanbul Büyükşehir Belediyesi’nin Sosyal Hizmetler kapsamında, cemaatimiz ihtiyaç sahibi ailelerine tahsis ettiği 567 çift yardım kartı, bu hafta itibariyle Patrikhane’ye ulaşmış bulunmaktadır.
Bilindiği üzere, İBB Sosyal Hizmetler Daire Başkanı Yavuz Saltık, Kadasetli Patrik Sahak II. Hazretleri ve Patriklik Sosyal Yardım Komisyonu yöneticileriyle 10 Mart 2021, Çarşamba günü Patrikhane’de bir araya gelmişti. Görüşme esnasında, Sayın Yavuz Saltık, Patriklik Sosyal Yardım Komisyonu faaliyetleri hakkında bilgiler edindikten sonra, İBB’nin de komisyona katkı sağlayabileceğini belirtmişti.
Patrikliğimize ulaşan yardım zarflarında, İBB Başkanı Ekrem İmamoğlu’nun kaleme aldığı bir mektup ve her biri 50 lira değerinde olan “ŞOK Hediye Kartı”ndan ikişer adet bulunmaktadır. Sayın Belediye Başkanı’nın yazısında “bu zorlu günleri birlikte atlatacağız, birlikte başaracağız” temennisi dikkat çekmektedir. Patrikliğimize ulaşan bu yardım kartları, Patriklik Sosyal Yardım Komisyonu ve kiliselerimizin Fakir Kolları (Ahkadakhınam) işbirliğiyle gelecek hafta ihtiyaç sahibi ailelere verilecek düzenli yardım kolileriyle birlikte dağıtılacaktır. Böylece, İBB’den gelen bu yardım, Patriklik Sosyal Yardım Komisyonu eliyle cemaatimizin ihtiyaç sahibi ailelerine dağıtılmış olacaktır.
Bu kıymetli desteklerinden dolayı, Patriklik Sosyal Yardım Komisyonu yöneticileri de, İBB Başkanı Ekrem İmamoğlu’na ve Sosyal Hizmetler Daire Başkanı Yavuz Saltık’a teşekkür etmektedir.
Արեւագալի Արարողութիւն, - Arevakal / 19.03.2021
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ
BÜYÜK ORUÇ İNANÇ ZİYARETİ GERÇEKLEŞTİ (TR⇓)
Այս տարի եւս, նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները կարելի պիտի չըլլար, Ստանպուլէ եւ արտասահմանէ բազմաթիւ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ ուղղուիլ դէպի Կեսարիա եւ Աղեքսանդրիկ։ Իսկ միւս կողմէ, Կեսարիոյ շրջակայքի, Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի մերազն ժողովուրդը առանձին չձգելու նպատակաւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, հոգեւոր հայրերէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ գաւառ։ Իւրաքանչիւր արարողութեան ընթացքին, Պատրիարք Հայրը համացանցի դրութեամբ քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Կեսարիոյ, Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի ժողովուրդին։ Ներկաներ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած պաստառներէն ուղիղ ձեւով ունկնդրեցին Մեր Հոգեւոր Պետին պատգամները։
-----------------------------------
Bu yıl da, Coronavirüs pandemi kısıtlamaları dikkate alındığında, İstanbul’dan ve yurtdışından bir çok inanç ziyaretçisinin katılımıyla Kayseri’ye ve Hatay’a inanç ziyareti gerçekleştirmek mümkün olmayacaktı. Diğer yandan, Kayseri çevresindeki, İskenderun’daki ve Vakıflıköy’deki Ermeni Cemaati üyelerini yalnız bırakmamak amacıyla, Kadasetli Patrik Sahak II. Hazretleri’nin talimatlarıyla, din adamlarından oluşan bir grup Anadolu’ya hareket etti. Patrik Hazretleri, her bir törende, internet yoluyla canlı vaaz ederek, Kayseri, İskenderun ve Vakıflıköy’deki cemaatimiz üyelerine hitap etti. Kilisede hazır bulunanlar ise, kilisedeki perdelerden, Patrik Hazretleri’nin mesajlarını canlı olarak seyretme olanağı buldular.
Tüm dünya için zorlu bir süreç olan bu günlerde sosyal yardımlaşmanın...


















