Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2021 ՏԱՐԻՆ ՀՌՉԱԿԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2003 թուականէն սկսեալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով իւրաքանչիւր տարին ձօնած է մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայրենիքին, մեր անցեալին ու ներկային առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը։ Այս ծիրին մէջ, մեր թեմերէն ներս զանազան ձեռնարկներու ճամբով տուեալ տարուան թեման դարձած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յատուկ առարկան՝ վերաշեշտելով մեր հոգեւոր ու ազգային պատկանելիութեան հրամայականը։
Մեկնելով Արցախին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութենէն, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին պատերազմի հետեւանքով Արցախին շուրջ ստեղծուած մեր խոր մտահոգութենէն, Նորին Սրբութիւնը 2021 տարին հռչակեց «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։
Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը պիտի կարդացուի Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, ինչպէս նաեւ նոյն եւ յաջորդ Կիրակի օրերը՝ մեր բոլոր թեմերէն ներս։
Յայտնենք, որ յիշեալ հռչակագիրին մէջ Արցախի մեր ընտանքիներուն կատարուած օժանդակութեան կոչին որպէս առաջին գործնական քայլ, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ նոր տարուան առիթով մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու մնան տօնախմբութիւններէ եւ այդ առիթով կատարուելիք ծախսերը յատկացնեն Արցախի մեր մանուկներուն։
Փրկութիւնը հաւատքի ուխտերթ մըն է դէպի Քրիստոսի երկրորդ գալուստը: Քրիստոնեան կոչուած է մասնակից դառնալու այդ հաւատքի երթին՝ իր կեանքը Աւետարանի ուսուցումներուն համաձայն ապրելով:
(«ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ», Անթիլիաս, 2018)
Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսանողութեանս առաջին տարին, 1961-ին, տեսուչ հայր սուրբը՝ Գարեգին Վարդապետ Սարգիսեանը, իր կողմէ շաբաթը անգամ մը կատարուող բարոյախօսութեան ընթացքին հետեւեալը ըսաւ.-
«Ան որ չի գիտեր եւ գիտէ թէ չի գիտեր, համեստ մըն է, սորվեցո՛ւր անոր:
Ան որ չի գիտեր եւ չի գիտեր թէ չի գիտեր, ամբարտաւան մըն է, հեռացի՛ր անկէ:
Ան որ գիտէ եւ չի գիտեր թէ գիտէ, քնացած մըն է, արթնցո՛ւր զինք:
Ան որ գիտէ եւ գիտէ թէ գիտէ, խելացի մըն է, հետեւի՛ր անոր»:
Տեսուչ հայր սուրբին համաձայն հնդկական ծագում ունի վերոնշեալ թելադրութիւնը: Կրնայ ըլլալ որ ան նաեւ համամարդկային տարողութիւն ստացած է, ինչպէս կեանքի փիլիսոփայութեան առնչուած բազմաթիւ խօսքեր, հաստատումներ կամ ասացուածքներ:
Ուսանողական նոթատետրիս մէջ արձանագրած յիշեալ իմաստուն խօսքը յետագային արձանագրեցի նաեւ իմ կեանքիս նոթատետրին մէջ: Մեր առօրեայ կեանքը շրջապատուած է նման տիպի մարդերով: Աւետարանը կ՚ըսէ. «Ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մատթէոս 13.9):
⬇️(See English Below)
*******
*******
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԸ
Երէկ՝ Շաբաթ առաւօտ, 23 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրութիւնը: Նորընտիր նախագահին ուղղած իր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած հայերը պատրաստ են գործակցելու իր եւ իր ղեկավարած վարչակազմին հետ՝ ի խնդիր մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու պաշտպանութեան, Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի կապերու ամրացման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան հաստատման աշխարհի տարածքին:
Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ նախագահ Պայտըն ծերակոյտի անդամի տարիներէն սկսեալ բարեկամական կապեր հաստատած է հայ ժողովուրդին հետ եւ յատուկ յարգանք ցուցաբերած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նկատմամբ: Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, որ ան վերանորոգ կերպով պիտի շարունակէ պաշտպանել ժողովրդավարութեան, ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման աշխատանքները եւ այս ծիրէն ներս յոյս յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման գծով: Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց նախագահին:
**********
**********
HIS HOLINESS ARAM I CONGRATULATES PRESIDENT JOE BIDEN
His Holiness Aram I congratulated president Joe Biden on his inauguration as the 46th president of the United State of America.
“We stand ready to work with you and your administration to protect our common values, strengthen U.S.-Armenia ties, and advance the cause of peace across Eurasia, the Middle East, and around the world,” Aram I told president Biden in a letter.
“Our community appreciates the friendship and fellowship you have shown towards Americans of Armenian heritage during your years in the U.S. Senate. Then as now, we share your vision of a world that respects human rights and upholds universal humanitarian values – a global community committed to democracy, self-determination, and genocide prevention,” added Aram I in his message.
“Our Church and our community look forward to working with your administration to deepen the bonds that have drawn together the American and Armenian people for more than a century. We also look forward to establishing, at long last, official U.S. recognition and ongoing remembrance of the Armenian Genocide,” said Catholicos Aram I.
█║▌© OFFICIAL PAGE © █║▌
Karekin I Catholicos





































